Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր ընդունած է «Associated Television International» ընկերութեան նախագահ Տէյվիտ Մըքենզին:
Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ հանդիպումին քննարկուած են Հայաստանի միջազգային ճանաչելիութեան բարձրացման, զբօսաշրջային հնարաւորութիւններու ներկայացման եւ զբօսաշրջութեան խթանման վերաբերող հարցեր:
Տէյվիտ Մըքենզին նշած է, որ ընկերութիւնը կը պատրաստուի փաստագրական ֆիլմ նկարահանել Հայաստանի մասին, որուն նպատակն է Հայաստանը իբրեւ առաջին քրիստոնեայ երկիր աւելի ճանաչելի դարձնել աշխարհին, ներկայացնել հայ ժողովուրդը, պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մեծցնել զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը մեր երկրի նկատմամբ:
Վարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը կարեւոր համարած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան գրաւչութեան բարձրացման ուղղուած քայլերը եւ պատրաստ է քննարկելու այդ նպատակին ուղղուած առաջարկները: