image

Արթօ Չաքմաքճեանի նուէրը Գանատայի ԹՄՄ-ին

Արթօ Չաքմաքճեանի նուէրը  Գանատայի ԹՄՄ-ին

Անցնող 4 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայ Բեմ» թատերախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակի տօնակատարութիւններու շարքին եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Օրուան աստղն էր բեմի ճարտար մենակատար, միջազգային համբաւի տիրացած Արթուր Էլբակեան, որ ներկայացուցած էր «Իմ խելառ Շէյքսփիրը»:Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հայ Ձայն»ը, յղում ընելով «Ապագայ»ին:

Այդ եզրափակիչ ներկայացումը կը միտէր նաեւ մեծարել մեծ արուեստագէտ արձանագործ Արթօ Չաքմաքճեանն ու անոր միջազգային համբաւը: Նոյն օրը Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը վաստակաշատ Արթօ Չաքմաքճեանը կը գնահատէր Պատւոյ Փլաքով մը: Մեծարեալը իր կարգին  խոստացած է ԹՄՄ-ին նուիրել իր ստեղծագործութիւններէն մին՝ որպէս գնահատանք երկարամեայ սերտ գործակցութեան եւ հայ մշակոյթի պանծացման: 19 Դեկտեմբերին Արթօ Չաքմաքճեան իր արուեստի աշխատանոցին մէջ ընդունեց ԹՄՄ-ի ատենապետ Արթօ Մանուկեանին եւ անոր յանձնեց իր բազմարժէք ստեղծագործութիւններէն «Համբոյրը» արձանը, եւ այսպիսով ճոխացուցած եղաւ իր ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն Մոնրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ: