Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկել «Նիուզ»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախ երբե՛ք մաս պիտի չկազմէ Ազրպէյճանին: «Եթէ իբրեւ նախայարձակ՝ պատերազմի ձեռնարկես ու պարտուիս, կարելի չէ վերադառնալ նախապէս տիրած կարգավիճակին, այլապէս՝ Քալինինկրատը մինչեւ հիմա Քէօնիքսպերկ կը կոչուէր»,-ընդգծած է Էնկել, ակնարկելով Խորհրդային Միութեան կողմէ Գերմանիայէն գրաւուած քաղաքին։
Արցախի հարցով Ազրպէյճանը դատապարտող Եւրոխորհրդարանի կեցուածքին մասին հարցումի մը անդրադառնալով՝ Ֆրանք Էնկել յիշեցուցած է, թէ անցած Ապրիլին Եւրոխորհրդարանը բանաձեւած է յստակ կեցուածք մը, որուն մէջ Եւրոխորհրդարանի անդամ շարք մը երկիրներ առաջարկած են դատապարտել Ազրպէյճանի յաճախակի յարձակումները եւ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, սակայն անդամ երկիրներուն մեծ մասը տակաւին պէտք է առերեսուի փաստերուն հետ:
Նշենք, որ անցած Ապրիլ 12ին, Եւրոխորհրդարանը իր լիագումար նիստին քննարկած էր Արցախի իրավիճակը եւ շարք մը երկիրներ, ինչպէս՝ Ֆրանսա, Չեխիա, Լեհաստան, Կիպրոս եւ լիւքսեմպուրկցի խորհրդարանական Ֆրանք Էնկել, առաջարկած էին պատժամիջոցներ սահմանել Ազրպէյճանի դէմ եւ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: