Լիբանան- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատուիրակութեան մը գլխուն շնորհաւորական այց տուած է Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Վանք: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը ընդունուած է նորընտիր Տ. Գրիգոր- Պետրոս Պատրիարք հօր կողմէ: Կանոնական աղօթքներէ ետք կողմերը միասնաբար հանդիպում կայացնելով քննարկած են յատկապէս Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու ընդհանուր իրավիճակը: Ամենապատիւ Պատրիարք Հայրը շատ բարձր գնահատած է Արամ Ա. վեհափառի ունեցած հովուական փորձառութիւնը եւ ըսած, որ Հայ ժողովուրդը յատկապէս այսօր կարիքն ունի այդ փորձառութեան: