image
Հրատապ լուրեր:

«Անոնք կու գան Երեւանի ուղղութեամբ եւ մեղաւորը՝ Փաշինեանն է». Զօր. Նորատ Տէր Գրիգորեան

«Անոնք կու գան Երեւանի ուղղութեամբ եւ մեղաւորը՝ Փաշինեանն է». Զօր. Նորատ Տէր Գրիգորեան

Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ) եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերու զօրավար-լեյտենանտ, 1992-1995 թուականներու ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր շտաբի պետ, 1993 թուականի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Նորատ Տէր-Գրիգորեանցը, մեկնաբանելով 13 սեպտեմբերին հայ-ատրպէյճանական սահմանին, ինչպէս նաեւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին Պաքուի սանձազերծած լայնամաշտաբ յարձակման, յայտարարած է, որ թշնամին Արցախը եւ Հայաստանը գրաւելու իր ծրագիրն ունի:

Զինուորականն այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ հայերու միութեան գրասենեակին մէջ Ռուսիոյ հայերու միութեան (ՌՀՄ) նախագահ Արա Աբրահամեանի նախագահութեամբ կայացած հանդիպում-քննարկման ժամանակ, որու մասին հաղորդուած է ՌՀՄ դիմատետրեան էջէն:

«Զգուշացնում եմ՝ Փաշինեանը ոչնչացրեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերի մարտունակութիւնը, փոխեց դրա կառուցուածքը, որը ես էի ստեղծել: Թշնամին Արցախն ու Հայաստանը գրաւելու իր ծրագիրն ունի. նա արդէն գնում է Երեւանի ուղղութեամբ։ Նրանք բանակը պատրաստում են ՆԱԹՕ-ի չափանիշներով», -ըսած է Տէր-Գրիգորեանցը հայ հասարակութեան ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման:

Հանդիպման մասնակցած են Ռուսիոյ հայերու միութեան տարածաշրջանային մասնաճիւղերու ղեկավարներ, հասարակական գործիչներ, զինուորականներ, լրագրողներ, երիտասարդութեան, մարմնամարզութեան եւ տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Քննարկման հիմնական թեման եղած է Հայաստանի եւ տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակը Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակումէն ետք։