image

2018-2022 թուականներուն Պելառուսիան ժամանակակից զէնք մատակարարած է Ատրպէյճանին․ Politico

2018-2022 թուականներուն Պելառուսիան ժամանակակից զէնք մատակարարած է Ատրպէյճանին․ Politico

2018-2022 թուականներուն Պելառուսիան ժամանակակից զէնք մատակարարած է Ատրպէյճանին՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ Պելառուսիան ու Հայաստանը կը համարուին դաշնակիցներ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ՝ գրած է Politico պարբերականը՝ վկայակոչելով իր ձեռքին տակ յայտնուած փաստաթուղթերը։

Ատոնց շարքին են աւելի քան մէկ տասնեակ նամակներ, դիւանագիտական նոթաներ, վճարման կտրոններ եւ արտահանման անձնագրեր, որոնք կը վկայեն, որ Պելառուսիան աշխուժօրէն օգնած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն 2018-2022 թուականներուն: Առաջարկուող ծառայութիւնները ներառած են հին հրետանային տեխնիկայի արդիականացում եւ ռատիոելեկտրոնային պայքարի եւ անօդաչու թռչող սարքերու համակարգերու համար օգտագործուող նոր սարքաւորումներու մատակարարում:

Փաստաթուղթերը կը ներառեն նաեւ Պելառուսիոյ Սպառազինութեան արտահանման պետական գործակալութեան նամակները իր ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններուն։ Ատոնց համաձայն, ըստ Politico-ի, Ատրպէյճան արտահանուած էին նորագոյն հրետանային նշանառութեան սարքաւորումներ։ Բացի այդ, Պելառուսիան ու Ատրպէյճանը պայմանաւորուած են անօդաչուներու դէմ պայքարի Groza-S շարժական մարտական կայաններու գնման շուրջ: