Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիօթըր Սուիթալսքին (Piotr Switalski) այսօր ըսած է, որ կան բոլոր նախադրեալները յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան-Եւրոմիութիիւն շրջանակային համաձայնագրի ստորագրման համար:
«Յստակ ամսաթիւ չեմ կրնար նշել, բայց հաշուի առնելով մինչեւ այս պահը եղած բանակցութիւններու ուժգին զարգացումը, կրնամ ըսել, որ 2017-ին համաձայնագիրը պիտի բերուի վերջնական տեսքի»,- ըստ «Մետիամաքս»-ի՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ԵՄ դեսպանը:
Փիօթըր Սուիթալսքին ընդգծած է, որ բանակցութիւնները կ'ընթանան բաւական արագ, սակայն կան «բաց խնդիրներ, որոնց լուծման համար անհրաժեշտ է ժամանակ»:
«Այդ խնդիրները կ'արտայայտուին ոչ միայն Հայաստանի` ԵԱՏՄ-ին անդամակցելու փաստով, այլ նաեւ ԵՄ-ի կողմէ ներդրումներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ որոշ փոփոխութիւններով»,-ըսած է դեսպանը:
Խօսելով ընթացիկ տարուան ծրագիրներուն մասին` Փիօթըր Սուիթալսքին առանձնացուցած է հինգ առաջնահերթութիւններ, որոնք ԵՄ աջակցութեամբ պիտի իրականացուին Հայաստանի մէջ:
«Մենք մեր ներդրումը պիտի ունենանք ընտրական գործընթացի լաւ կազմակերպման, գործարար միջավայրի բարելաւման, փտածութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու եւ դատական համակարգի բարելաւման գործին»,- ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավարը: