image
Հրատապ լուրեր:

200 Հայ Աշակերտներ Կը Շարունակեն Իրենց Ուսումնառութիւնը Գամիշլիի Մէջ

200   Հայ Աշակերտներ Կը Շարունակեն Իրենց Ուսումնառութիւնը Գամիշլիի Մէջ

Գամիշլիի մէջ կը գործեն  հայկական   3 վարժարաններ,   բոլորն  ալ տեղի Ազգային Առաջնորդարանի  հովանաւորութեամբ:   Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Գամիշլիի իր աղբիւրէն:  Մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ  վարժարաններուն (Ազգային Եփրատ Վարժարան)  մէջ  դպրոցական կեանքը կ'ընթանայ բնականոն հունով, եւ   հայ աշակերտներ   կը շարունակեն իրենց ուսումնառութիւնը:   Վարժարանները  ունին մէկ հոգաբարձուական կազմ` երեք տնօրէններով:  Մեր աղբիւրին  համաձայն Գամիշլիի  հայկական  դպրոց յաճախող  աշակերտութեան թիւը մօտաւորապէս 200-225 է, որոնցմէ 10-15 տոկոսը օտար ազգի աշակերտներ են՝  արաբ քրիստոնեայ, քիւրտ եւ արաբ իսլամ:  Դպրոցներուն մէջ նախկինին պէս կը ջամբուի    ազգային դաստիարակութիւն եւ  կը մատուցուի հայերէնի հետ կապուած նիւթեր,  ինչպիսիք են`     լեզու,   հայոց պատմութիւն եւ կրօն: Ինչ  կը վերաբերի Գամիշլիի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան, ըստ մեր աղբիւրին   իրավիճակը  կը շարունակէ  այլ շրջաններուն համեմատ մնալ ապահով եւ կայուն: Ինչպէս «Արեւելք»  ամիսներ   առաջ ալ տեղեկացուցած էր,  Գամիշլիի հայկական  կեդրոններու ապահովութիւնը ստանձնած  է  շրջանի հայ երիտասարդութիւնը, որոնք կամաւոր կերպով կը շարունակեն իրենց պարտականութիւնները:  Գալով Հասիչէ (Հասաքէ) շրջանին, որ  ներկայիս  կը գտնուի   Տահէշ (ISIS) ահաբեկչական  խմբաւորման տիրապետութեան տակ,  կացութիւնը հոն կը մնայ լարուած,  տրուած  ըլլալով, որ Սուրիոյ  բանակը  ռուսական ուժերու  օգնութեամբ     այլ շրջաններու մէջ սկսած է    Տահէշի դէմ զինուորական  գործողութիւններու ձեռնարկել եւ      այդ շրջանին մէջ եւս հաւանական է, որ  մարտեր սկսին:  Նշենք, որ Հասաքէի, բոլոր հայ բնակիչները   շրջանին Տահէշի տիրապետութիւնէն  ասդին հեռացած էին դէպի  Գամիշլի եւ  արժանացած տեղի  պատասխանատուներու    հոգատարութեան: