Ֆրանսայի մէջ օրեր առաջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած քաղաքական գործիչ Պատրիկ Տեւէճեանի յուղարկաւորութիւնը կայացած է երէկ՝ Ֆրանսայի Մարէ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Մասնակցած են կինը՝ Սոֆի Տեւէճեանը, չորս որդիները եւ շատ սահմանափակ թիւով մարդիկ: Այս մասին կը տեղեկանանք Փարիզէն:
Պատրիկ Տեւէճեանը 75 տարեկան էր: Անոր մահուան կապակցութեամբ ցաւակցութիւն յայտնած են ինչպէս հայ, այնպէս ալ ֆրանսացի քաղաքական գործիչները՝ նկատելով, որ Տեւէճեանը հարուստ քաղաքական գործունէութիւն ունեցած է Ֆրանսայի մէջ, ըլլալով նախարար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ, քաղաքապետ, իսկ 2007 թուականէն ի վեր Օ-տե-Սեն բաժանմունքի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահն էր: 2014 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առթիւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով:
Յատկանշական է, որ Պատրիկ Տեւէճեանը 1955-1959 թուականներուն սորված է Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ: Անոր իսկական անունը Գարեգին է: Սակայն այդ տարիներու ֆրանսական օրէնքի համաձայն, պէտք է ունենար նաեւ ֆրանսական անուն, եւ ան ընտրած էր Պատրիկը, որով ալ կը ճանաչային զինք: Յուղարկաւորութեան առթիւ յիշուած է նաեւ Գարեգին Տեւէճեանի հայկական դպրոցին մէջ ստացած կրթութիւնը:
Պատրիկ-Գարեգին Դևեջյանը՝ Սոֆի Դևեջյանի հետ