image

Պատրիկ Տեւէճեանի յուղարկաւորութեան նշուած է անոր Գարեգին հայկական անունն ու հայկական կրթութիւնը

Պատրիկ Տեւէճեանի յուղարկաւորութեան նշուած է անոր Գարեգին հայկական անունն ու հայկական կրթութիւնը

Ֆրանսայի մէջ օրեր առաջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած քաղաքական գործիչ Պատրիկ Տեւէճեանի յուղարկաւորութիւնը կայացած է երէկ՝ Ֆրանսայի Մարէ թաղամասին մէջ գտնուող  Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Մասնակցած են կինը՝ Սոֆի Տեւէճեանը, չորս որդիները եւ շատ սահմանափակ թիւով մարդիկ: Այս մասին կը տեղեկանանք Փարիզէն: 

Պատրիկ Տեւէճեանը 75 տարեկան էր: Անոր մահուան կապակցութեամբ ցաւակցութիւն յայտնած են ինչպէս հայ, այնպէս ալ ֆրանսացի քաղաքական գործիչները՝ նկատելով, որ Տեւէճեանը հարուստ քաղաքական գործունէութիւն ունեցած է Ֆրանսայի մէջ, ըլլալով  նախարար, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ,  քաղաքապետ, իսկ 2007 թուականէն ի վեր Օ-տե-Սեն բաժանմունքի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահն էր:  2014 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առթիւ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար պարգեւատրուած է Պատուոյ շքանշանով: 

Յատկանշական է, որ Պատրիկ Տեւէճեանը 1955-1959 թուականներուն սորված է  Սամուէլ Մուրատեան վարժարանին մէջ: Անոր իսկական անունը Գարեգին է: Սակայն  այդ տարիներու ֆրանսական օրէնքի համաձայն, պէտք է ունենար նաեւ ֆրանսական անուն, եւ ան ընտրած էր Պատրիկը, որով ալ կը ճանաչային զինք: Յուղարկաւորութեան առթիւ յիշուած է նաեւ Գարեգին Տեւէճեանի հայկական դպրոցին մէջ ստացած կրթութիւնը: 

 

 

Պատրիկ-Գարեգին Դևեջյանը՝ Սոֆի Դևեջյանի հետ