image

Տէր Զօրով անցած հարսանեկան լուսանկար

Տէր Զօրով անցած հարսանեկան լուսանկար

Եոզղաթցի Կղեմես եւ Ռեպեքա Քիւրքչեաններու հարսանեկան լուսանկարն է (Եոզղաթ, 1910 թ.): Սա Քիւրքչեան ընտանիքէն մնացած միակ լուսանկար - մասունքն է: Լուսանկարը ժամանակի ընթացքին մէջտեղէն պատռուած է, այնուհետեւ ամրացուած կպչուն ժապաւէնով: Դարձերեսի ձեռագիր գրութեան մէջ ներկայացուած է ընտանիքի ճակատագիրը եւ լուսանկարը փրկելու պատմութիւնը:





1915 թուականին, «Տեղահանութեան մասին» օրէնքի ընդունումէն ետք սկսաւ արեւմտահայերու զանգուածային բռնագաղթը, որուն ընթացքին խաղաղ բնակչութեան հանդէպ գործադրուեցան աննախընթաց բռնութիւններ: Հայերուն կը ստիպէին ուրանալ իրենց կրօնը: Սկսան զանգուածային տեղահանութիւններ դէպի Տէր Զօր, Ռաս Ուլ Այն, Մեսքենէ եւ այլ բնակավայրեր, որոնց կից ստեղծուեցան գաղթակայաններ:

1915 թուականին Կղեմես Քիւրքճեան Եոզկաթէն տեղահանուած ու քշուած է Տէր Զօր:

Ամուսինին ձերբակալուելէն եւ սպաննուելէն ետք անոր կինը` Ռեբեքան, փախուստի կը դիմէ եւ մազապուրծ կը փրկուի Եոզկաթի սարսափելի կոտորածներէն: Ամուսինէն մնացած միակ յիշատակը, զոր կինը կրցած է իրեն հետ առնել բռնագաղթի ժամանակ, հարսանեկան այս լուսանկարն է: Ռեբեքան զայն ծալած եւ պահած է իր մօտ` այդպիսով փրկելով ընտանիքէն մնացած թանկ մասունքը:


«Ես տեսայ, թէ բարբարոս ամբոխն ինչպիսի խոշտանգումներու կ'ենթարկէր դեռ հոգեվարքի ցնցումներու մէջ գտնուող մարդոց մարմինները. ոտքէն կը քաշէին, ձեռքէն, եւ որպէսզի զուարճացնէին իսլամ ամբոխը, ոստիկաններն ու ժանդարմները ատրճանակներով կը կրակէին աննկարագրելի այլանդակուած դիակներուն վրայ: Այնուհետեւ ամբոխը նետուեցաւ դէպի գերմանական հիւանդանոց՝ պոռալով. «Եաշասըն Ալմանիա» (կեցցէ՛Գերմանիան):

Իսլամները անվերջ կը կրկնէին, թէ Գերմանիան է մեղաւոր, որ իրենք այսպէս կը վարուին հայերուն հետ»:


Կիլիկիոյ կոտորածներու գերմանացի ականատեսի ուղեգրութենէն


Լուսանկարի աղբիւրը՝ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի հաւաքածու
«100 ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» գրքէն