image

Վանի ինքնապաշտպանութեան մասնակցած հայ երեխաները. Լուսանկար

Վանի ինքնապաշտպանութեան մասնակցած հայ երեխաները. Լուսանկար

Այս լուսանկարը հրապարակուած է «National Geographic» ամսագրի 1919 թուականի երկրորդ համարին մէջ զետեղուած Մեյնարտ Օուըն Ուիլիըմսի յօդուածին կից: Լուսանկարի փոքրիկ հերոսները, որոնցմէ ամենամեծը տասներկու տարեկան էր, առանց Արտեմիդի պահակախումբի թոյլտւութեան, յաղթահարելով բազմաթիւ դժուարութիւններ, հասած էին Վան: Լուսանկարը, վստահաբար առնուած է 1915 թ. Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութենէն կարճ ժամանակ անց, սակայն աւելի ուշ տպագրուած է ամերիկեան հանդէսին մէջ:

 

 

«Անոնք փայտէ հրացաններով եկած էին Վանի նահանգապետ Համբարձումեանցի մօտ՝ իսկական զէնքեր ստանալու, քանի որ պատրաստ էին կռուելու մինչեւ վերջ՝ պաշտպանելով իրենց հարազատները, որոնց մէկ մասին արդէն կորսնցուցած էին», - գրած է յօդուածագիրը:

Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Արեւմտեան Հայաստանի շարք մը քաղաքներուն մէջ կազմակերպուեցան ինքնապաշտպանական մարտեր: Վանի մէջ 1915 թուականի 7 ապրիլէն 6 մայիսը տեղի ունեցած կատաղի գոյամարտն աւարտեցաւ յաղթանակով: Իր կազմակերպվածութեամբ աչքի ինկած Վանի հերոսամարտը ամենաերկարատեւն էր եւ բախտորոշը:

Վանեցիները կը կռուէին ողջ ուժով. կին ու աղջիկ, ծեր ու մանուկ մասնակից դարձած էին այդ արիւնալի մարտերուն՝ քաջ գիտակցելով սեփական օճախի եւ արժանապատւութեան պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

«Զինուորական ծառայութեան մէջ գտնուող հայերը, որոնք ռազմական նախարարի վկայութեամբ քաջաբար կը մարտնչէին ոչ միայն Տարտանելի, այլեւ Կովկասեան ճակատին վրայ՝ Ռուսաստանի դէմ, մեծ մասամբ զինաթափուած են եւ օգտագործուած բանակի կարիքներու համար՝ որպէս բեռնակիրներ կամ ճանապարհներու վերականգնման աշխատողներ: Համարեայ բոլոր գաւառներէն լուրեր ստացուած են, որ ոչ միայն հարկադիր աշխատանքի մէջ գտնուող հայերը տարուած են խուլ տեղեր եւ սպանուած իրենց ընկեր-իսլամներու ձեռքով, այլեւ ամբողջ խումբեր՝ 80, 100 եւ աւելի մարդէ բաղկացած, կը գնդակահարուէին զինուորներու ձեռքով՝ իրենց սպաներու հրամանի համաձայն: Հաւանաբար երբեք, համենայն դէպս մինչեւ պատերազմի աւարտը, պարզ չի դառնար, թէ ինչ չափերու հասած է բանակ զօրակոչուած հայերու սպանութիւնը»:

Եոհաննէս Լեփսիուս, գերմանացի միսիոներ

Լուսանկարի աղբիւրը` «National Geographic», օգոստոս, 1919 թ.