image

Լիբանանեան յիշատակներ. Ատիսն ու այլ մտաւորականներ

Լիբանանեան յիշատակներ. Ատիսն ու այլ մտաւորականներ

Հին հայկական թերթէն արտատպուած այս լուսանկարը շատերու մօտ յիշողութիւններ կ'արթնացնէ: Լուսանկարին մէջ վերջերս կեանքէն հեռացած լիբանանահայ երգիչ Ատիս Հարմանտեանն է՝ հայրենի երգահան Յասմիկ Մանասերեանի, VOS-ի տնօրէն եւ հայկական ձայնապնակներու արտադրիչ Տանիէլ Տէր-Սահակեանի եւ Լիբանանի մէջ յայտնի հրատարակիչներ Հաննէսեան եղբայրներու հետ: 

Յայտնի է, որ Ատիսը հիմնական երգած է Յասմիկ Մանասերեանի երգերը: Իսկ VOS-ը (Voice of Stars) Պուրճ Համուտի այն տիսքոթեքն էր, որ առաջինը ձայնագրած եւ տարածած է Ատիսի հայերէն երգերը: