Քիչ առաջ կրակոց գրանցուած է Նիւ Եորքի «Մէնհաթըն» շրջանին մէջ: Այս մասին լուր հաղորդեց AP գործակալութիւնը նշելով նաեւ, որ կրակոցներուն հետեանքով գրանցուած են վիրաւորներ:
Իր կարգին Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը, որ հաստատեց «Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոն»ին մօտ հնչած կրակոցներուն մասին լուրը դիտել տուաւ, որ դէպքին պատճառները ցարդ անյայտ են:
Ոստիկանութիւնը տեղի բնակիչներուն դիմելով յորդորեց, որ զգոյշ ըլլան իրենց շրջագայութիւններուն ընթացքին: