Քիչ առաջ դատարկած են Մեծն Բրիտանիոյ Խորհրդարանը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Ռօյթըրզ լրատուական գործակալութիւնը: Ըստ գործակալութեան, ահազանգ ստացուած է Լոնտոնի
Խորհրդարանի շէնքէն ներս ծագած հրդեհի մասին, որուն պատճառով ապահովական մարմիններ շէնքէն ներս գտնուող պաշտօնեաներուն եւ խորհրդարանականներուն թելադրած են լքել Խորհրդարանի շէնքի գլխաւոր դահլիճը:
Աւելի վաղ լրատուական աղբիւները տեղեկութիւն փոխանցեցին այն մասին, որ Խորհրդարանի մէջ ահաբեկչական սպառնալիք մը նկատուած է, սակայն այդ տեղեկութիւնը հերքուեցաւ: