image

«Անկեղծօրէն ես ամչցայ...» Փայլանը Մուխիքան տեսնելէ ետք ուշագրաւ գրառում կատարած է

«Անկեղծօրէն ես ամչցայ...» Փայլանը Մուխիքան տեսնելէ ետք ուշագրաւ գրառում կատարած է

Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ  Փայլանը, որ օրերս այցելած է Ուրուկուէյ, երէկ հանդիպում ունեցած է երկրի նախկին նախագահ Խոսէ Մուխիքայի հետ։

Վերջինիս տան մէջ կայացած հանդիպման աւարտին Փայլան հանդէս եկած է հետաքրքրիր գրառմամբ։

Ան, մասնաւորապէս, գրած է. «Այսօր մենք եղանք նախկին նախագահի այն համեստ տունը, ուր ան կ'ապրէր նաեւ իր նախագահութեան օրերուն։ Համեստ նախագահ մը՝ իր համեստ տան մէջ։ Ես մտաբերեցի մեր նախագահը, որ կ'ապրի հարիւրաւոր սենեակներ ունեցող իր շքեղ  ապարանքին մէջ. անկեղծ ըսած՝ ամչցայ…»,- գրած է  Փայլանը։