image
Հրատապ լուրեր:

Ինչ լուծում ունի Պիլ Կէյթցը աշխարհի ջերմութեան բարձրացման մասին (Լուսանկար)

Ինչ լուծում ունի Պիլ Կէյթցը աշխարհի ջերմութեան բարձրացման մասին (Լուսանկար)

Microsoft ընկերութեան համահիմնադիր եւ միլիառատէր Պիլ Կէյթցը առաջարկած է մոլորակի ջերմացումը դադրեցնելու ուշագրաւ տարբերակ մը: Ան կ'առաջարկէ միլիոնաւոր թոն  փոշի սփռել մթնոլորտի վերի շերտերուն: Ըստ ծրագրին, ամէն օր փոշիով բեռնաւորուած շուրջ 800 օդանաւեր պէտք է բարձրանան երկրի մակերեսէն աւելի քան 12 մղոն բարձրութեան վրայ եւ սփռեն փոշին վերնոլորտի մէջ: Այս մասին յայտնած է Daily Mail-ը:     

Տեսականօրէն, օդին մէջ եղած փոշին պէտք է հսկայական հովանոցի դերը խաղայ, արեւի ճառագայթներէն  մաս մը դէպի տիեզերք անդրադարձնելով: Ծրագրի ընդդիմախօսները կը պնդեն, որ այսպիսի միջամտութիւն կրնայ կլիմայական քաոս յառաջացնել  երկրագունդի վրայ, փոթորիկներու եւ երաշտի պատճառ  դառնալով: