image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Փայլան այցելած է Մոնթեվիտէոյի Հնչակեան Կեդրոն

Կարօ Փայլան  այցելած է Մոնթեվիտէոյի Հնչակեան Կեդրոն

Կիրակի, Օգոստոս 11-ին, Մոնթեվիտէոյի Հնչակեան Կեդրոնը այցելեցին Թուրքիոյ խորհրդարանի  անդամներ` Կարօ Փայլան եւ Էպրու Կունայ, որոնք կը ներկայացնեն Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը:

 

ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի անդամներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Կուսակցութեան ատենապետ  Տանիէլ Մանուէլեան բարի գալուստ մաղթելով հիւրերուն, զօրակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ անոնց մղած պայքարին՝ յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան:

 

Կարօ Փայլան եւ Էպրու Կունայ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Թուրքիոյ մէջ տիրող ներկայ իրավիճակի եւ Քուրտերու դէմ Էրտողանի կառավարութեան շղթայազերծած հալածանքներու մասին: Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին, որ ինչպէս անցեալին Հայերու հետ պատահեցաւ, այսօր ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուին Քուրտերը: Երկու գործիչները կոչ ուղղեցին, որպէսզի Հարաւային Ամերիկայի հայութիւնը զօրակցի Քուրտերու մղած պայքարին ու տեղական քաղաքական  շրջանակներու մօտ աշխատանք տանի այս ուղղութեամբ:

 

Այս առթիւ   Լորա Արսլանեան հիւրերուն նուիրեց Ուրուկուայի պետական փոսթի կողմէ հրապարակուած Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Հնչակեան Կուսակցութեան 100-ամեակներուն նուիրուած դրոշմաթուղթերու ցուցապատկերները:

 

Հնչակեան կեդրոն այցելութեան ընթացքին Կարօ Փայլանին եւ Էպրու Կունային կ՛ընկերակցէին անոնց խորհրդական Սեւան Տէյիրմէնճեան եւ Արժանթինի Հայ Կեդրոնի ատենապետ Գարլոս Մանուկեան, որու նախաձեռնութեամբ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամները կ՛այցելեն Հարաւային Ամերիկայի երկիրները:

 

Նոյն օրը, Կարօ Փայլան այցելեց Մոնթեվիտէոյի «Փարամազ» հրապարակը:

 

Օգոստոս 12-ին, Կարօ Փայլան եւ Էպրու Կունայ շարք մը հանդիպումներ ունեցան Հայկական կազմակերպութիւններու եւ տեղական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերուն հետ: