image

Ալան Գոգբաշեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան

Ալան Գոգբաշեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան

Ալան Գոգբաշեանը նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Մեծ Բրիտանիոյ դեսպան՝ որպէս Ճուտիթ Ֆարնուորթի իրաւայաջորդ, որ պիտի տեղափոխուի այլ դիւանագիտական ծառայութեան: Այս մասին կը հաղորդէՄեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքը:

Կը հաղորդուի, որ Գոգբաշեանն իր պարտականութիւններու կատարման պիտի անցնի 2019 թուականի Սեպտեմբերին:

Սա առաջին դէպքն է, որ հայ դիւանագէտը Հայաստանի մէջ դեսպան կ'ըլլայ:

Գոգբաշեանը Մեծ Բրիտանիոյ Արտաքին գործերու եւ համագործակցութեան նախարարութեան մէջ 2008-2010 թուականներուն զբաղցուցած է Արտահանման եւ  օրինաւորման խումբի ղեկավարի պաշտօնը, 2011-2014 թուականներուն եղած է Մարոքոյի Թագաւորութեան մէջ Մեծ Բրիտանիոյ փոխդեսպանը, 2014-2017 թուականներուն զբաղցուցած է Քարիպեան տարածաշրջանի, Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Մեքսիքայի բաժնի ղեկավարի պաշտօնը, 2017-2018 թուականին եղած է նախարարութեան Մարդկային   ներուժի  բաժնի ղեկավարը, կը գրէ «Արմէնբրես»-ը: