Լիբանանի Պըթրմազ գաւառի բնակիչները նոր ողբերգութեան մը ականջալուր եղած են։
Այս մասին կը գրէ «Ալ Ժումհուրիա» պարբերականը նշելով, որ 1994 թուականի ծնունդ Հիւսէյն Ճըշէյխ մահացած է Կինիոյ Գոնաքրի քաղաքին մէջ։
Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ երկու տարի առաջ իր ապրուստը հոգալու եւ կեանքը բարելաւելու համար Կինիա մեկնած երիտասարդը խեղդամահ եղած է Գոնագրիի գետերէն մէկուն մէջ, երբ փորձած է օգնութեան հասնիլ վտանգուած երիտասարդի մը։
Կը նշուի նաեւ, որ Հիւսէյնի դիակը յառաջիկայ օրերուն Լիբանան պիտի փոխադրուի ամփոփուելու համար իր ծննդավայրին մէջ։
Յիշեցնենք, որ մեծ է թիւը Լիբանանցի այն երիտասարդներուն, որոնք երկրին մէջ տնտեսական իրավիճակի ծանր ըլլալուն հետեւանքով աշխատելու համար կը մեկնին Ափրիկէ։