image

Երեւանը այս տարի դարձած է ռուսաստանցիներու նախընտրելի արտասահմանեան ուղղութիւնը

Երեւանը այս տարի դարձած է ռուսաստանցիներու նախընտրելի արտասահմանեան ուղղութիւնը

Երեւանը 2019-ի ամրան ընթացքին եղած է ռուսաստանցիներու կողմէ արտասահման այցելութեան նախընտրելի վայրը: Դէպի Երեւան ուղղութիւններու հոսքը աւելցած է մօտ քառորդ անգամ: Ինչպէս կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթին», այս մասին յայտնած են Туту.ру ընկերութեան վիճակագիրները:

Ընկերութեան մասնագէտները հետազօտութեան ենթարկած են 2019 թուականի Յունիս 1-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1 ժամանակահատուածի բոլոր օդանաւի տոմսերը եւ  համեմատած 2018 թուականի տոմսերուն հետ:

«Այս ամրան ամենապահանջուած արտասահմանեան ուղղութիւնը դարձած է Երեւանը, այն պարագային, երբ այս ամառը Վրաստանի մէջ անցընել ցանկացողներու քանակը նուազած է շուրջ 2 անգամ»,- նշած են ընկերութեան մասնագէտները: