Ուրբաթ՝ 9 օգոստոսին, Հալէպի մէջ յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքած է արմատներով այնթապցի Եդուարդ Աբոշեանը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:
1945-ին Հալէպ ծնած Եդուարդ Աբոշեան վաճառական էր, որ սակայն, իր որդիներուն փափաքին անսալով, վերջին տարիներուն հիմնած էր նաեւ ոսկերչութեան աշխատանոց:
Ամուսնացած էր Լուսին Գրիգորեանի հետ եւ ունէր 4 զաւակ՝ Սուրէն, Գրիգոր, Արա եւ Շանթ:
Անոր հարազատներու վկայութեամբ, հանգուցեալը քրիստոնէական հաւատքով, համբերութեամբ եւ համեստութեամբ օժտուած օրինակելի հայր եւ ամուսին էր։
Եդուարդ Ափոշեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է
շաբաթ 10 օգոստոս 2019-ին, ժամը 1:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: