image
Հրատապ լուրեր:

Կարօ Փայլան ահազանգ կը հնչեցնէ «Մալաթիոյ եկեղեցին վտանգուած է»

Կարօ  Փայլան ահազանգ կը հնչեցնէ «Մալաթիոյ եկեղեցին վտանգուած  է»

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու  դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Twitter–ի իր էջին մէջ բոլորի ուշադրութիւնը  հրաւիրած է իր ծննդավայր Մալաթաիոյ հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ  սպառնացող վտանգին վրայ։

Կարօ Փայլանը գրած  է. «Իմ թաղամասի եկեղեցին։ Պապս եւ տատս այս եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած են։ Սակայն եկեղեցին 104 տարի...»։

Նշենք, որ Կարօ Փայլանի շեշտած եկեղեցին կը գտնուի Մալաթիոյ Չաւուշթեփէ թաղամասին մէջ։ Նախապէս  Հրանդ Տինքը  ցանկացած էր կազմակերպել եկեղեցւոյ  վերանորոգումը։

Ներկայիս  եկեղեցին ամրացած է կիսով  չափ . սակայն վերանորոգման աշխատանքները քանի տարի է դադրած են ։