image

Քեսապի մէջ մահացած է Ճօրճ Թիթիզեանը. Ան շատերուն յայտնի էր «Ճօրճ Աշքար» ծածկանունով

Քեսապի մէջ մահացած է Ճօրճ Թիթիզեանը. Ան  շատերուն յայտնի էր «Ճօրճ Աշքար»   ծածկանունով

Քեսապի մէջ  իր մահկանացուն կնքած է   Ճօրճ Թիթիզեանը։

 

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի  հարազատներէն։

 

 Ծառայասէր,  ամբողջ  կեանքը   գիւղին ու  հողին նուիրած  Ճօրճ  Թիթիզեանը, որ  յայտնի էր նաեւ «Աշքար»   (դեղնորակ  ըլլալուն համար)   ծածկանունով  կը    վայելէր  Քեսապցիներու  սէրն ու համակրանքը։

 

 Պարզ ու ծառայասէր հայորդին  մէկն էր այն հարիւրներէն, որոնք կազմեցին Քեսապի  աւանդական    օճախներու     տոհմական պատկերը։

Թիթիզեան   68  տարեկան էր։

 Յարգանք  իր յիշատակին, յարգանք  պարզ ու համեստ    հայորդիներու յիշատակին։

Յիշեցնենք, որ հանգուցեալը   մօտիկ հարազատն է  թերթիս բարեկամ, բանասէր եւ հայագէտ     Յակոբ Չոլաքեանին։