image

Մահացած է նշանաւոր ցեղասպանագետ Վահագն Տատրյանը

Մահացած  է նշանաւոր ցեղասպանագետ Վահագն Տատրյանը

93 տարեկանին կեանքէն հեռացած է ամերիկահայ յայտնի գիտնական, իրաւագէտ,  ցեղասպանութեան պատմաբան, ընկերաբան, մաթեմաթիկոս Վահագն Տատրեանը :

Ան ծնած է Պոլիս ,  Տատրեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է նախ Գերմանիոյ մէջ, ուր դարձած է ճարտարագէտ: Այնուհետեւ, բոլորովին փոխելով իր մասնագիտութիւնը՝ Վիեննայի մէջ ուսանած է պատմաբանութիւն, ապա Զիւրիխի մէջ՝ միջազգային իրաւաբանութիւն: Իսկ իր դոկտորականը՝ ան պաշտպանած է Շիքակոյի մէջ: Երկար տարիներ դասախօսած է աշխարհի չորս անկիւններու համալսարաններու եւ միջազգային ատեաններու մէջ, չորս լեզուներով՝ ֆրանսերէն, գերմաներէն, անգլերէն եւ թրքերէն: Հեղինակ է հարիւրաւոր վաւերագրական աշխատութիւններու: Տատրեան սկսած է հետաքրքրուիլ Հայոց Ցեղասպանութեամբ, կարդալէ ետք Վերֆէլի՝ «Մուսա լերան 40 օրերը» եւ Պալաքեան Սրբազանի գիրքը, եւ անոնցմէ տեղեկանալէ ետք թրքական վայրագութիւններու մասին: Կ՚ըսէ, թէ իր ասպարէզին մէջ՝ իրեն համար ամենակարեւոր մղիչ ուժը հանդիսացած է հայ նահատակներուն յիշատակը անշէջ պահելու հրամայականը:

Վահագն Տատրեանը ՀՀ ԳԱԱ պատուաւոր դոկտոր է, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ: Անոր մահուան լուրը հաղորդած են ամերիկահայ  կազմակերպութիւնները: