Քաղցկեղի ախտորոշումէն մեկ տարի անց Սուրիոյ նախագահի կինը՝ 44-ամեայ Ասմա Ասատը այսօր նոր սանտրուածքով երեւցած է: Նկարի հրապարակումէն քիչ անց առաջին տիկնոջ հետեւորդները դրուատական խօսքեր գրած են նշելով, որ նոր սանտրուածքով դարձեալ վայելուչ եւ արդիական կին է:
2018 թուականի ամրան անոր մօտ յայտնաբերուած էր կրծքագեղձի քաղցկեղ, որու բուժման հիմնական մասը առաջին տիկինը յաջողութեամբ անցած է։ Նախագահ Պաշշար Ասատի կինը իր բուժումները ստացած էր երկրի զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Երեք երեխաներու մայրը քաղցկեղի բուժման բոլոր օրերուն չէր հրաժարած հասարակական գործունէութենէ, այցելելով զոհուած և վիրաւոր զինուորներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ շարունակած էր հիւանդ երեխաներուն առնչուող իր ծրագրերը: