image
Հրատապ լուրեր:

Պուրճ Համուտի կանաչապատման նախատեսուած ծրագիր կը մշակուի

Պուրճ Համուտի կանաչապատման նախատեսուած ծրագիր կը մշակուի

Գործակցաբար ՄԱԿ-ի Մարդկային բնակավայրերու ծրագիրին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան երէկ` ուրբաթ, 19 յուլիս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ուշագրաւ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ:

Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի եւ մօտակայքի շրջաններու  հայ թէ ոչ հայ բնակիչներ հետզհետէ սկսան հասնիլ Պուրճ Համուտի Մարաշ թաղամասէն դէպի Արաքս թաղ տանող փողոց, ուր երաժշտախառն խանդավառ մթնոլորտի մէջ անոնք ծանօթացան եւ տեղեկացան շրջանին համար նախատեսուող կանաչ տարածքները աւելցնելու ծրագիրին: Մասնակից կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ այցելուներուն ներկայացուցին անհրաժեշտ տեղեկութիւններ նախատեսուող ծրագիրին մասին: Նախաձեռնութեան վայրը այցելող բնակիչներ իրենց կարծիքը արտայայտեցին թղթիկներու վրայ արձանագրելով եւ կամ պատերուն վրայ առաջարկուող գեղատեսիլ տեսարաններուն գծով իրենց նախասիրած պատկերին վրայ խորհրդանշական պատկերաւոր թղթիկներ (իմոժի) զետեղելով:

«Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով`  Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան պարզեց ծրագիրին հիմնական գաղափարը, որ կը միտի միաժամանակ կենսոլորտային, ընկերային եւ բարեզարդման քայլերու ձեռնարկել` գործակցաբար ՄԱԿ-ի Մարդկային բնակավայրերու ծրագիրին եւ լեհական օժանդակութեան կեդրոնին: Անիկա կը միտի վերաշխուժացնել Պուրճ Համուտի այս թաղամասերը` ջանալով շրջանին մէջ կանաչ տարածքները աւելցնել եւ այս մասին շրջանի բնակիչներուն կարծիքները ունենալ:

Իրենց կարգին, ՄԱԿ-ի Մարդկային բնակավայրերու ծրագիրի ներկայացուցիչներ Ռոնի Ժալխ եւ Լէյտի Մանուկեան «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով, սեղմ գիծերու մէջ պարզեցին այս ծրագիրին հիմնական քայլերը: Ռոնի Ժալխ յայտնեց, թէ նախաձեռնութիւնը «Վայրերու պատրաստութիւն» (Փլէյս մէյքինկ փրոճեքթ) խորագիրով կը միտի բնակիչները մասնակից եւ հաղորդակից դարձնել ծրագիրին` ժողովրդավարական ոճով իրենց կարծիքը արտայայտելով: Ըստ Ժալխի, կը նախատեսուի, որ ծրագիրը ընթացք առնէ յառաջիկայ ամիսներուն, գործակցաբարՊուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ «Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոն»-ին:

Իսկ Լէյտի Մանուկեան նշեց, թէ ծրագիրը կը մեկնարկէ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, յանձինս` Միջազգային օժանդակութեան լեհական կեդրոնին («Փոլիշ սենթըր ֆոր ինթըրնեշընըլ էյտ») եւ գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան: Մանուկեան յայտնեց նաեւ, թէ նախաձեռնութիւնը կը միտի ուսումնասիրութիւններ կատարել  շրջանի բնակարանային շէնքերուն տեսքին մասին եւ ըստ կարիքի պիտի վերանորոգէ զանոնք ու գեղեցկացնէ անոնց արտաքին տեսքը` միաժամանակ ջանալով աւելցնել շրջանին մէջ կանաչ տարածքները:

Նմանապէս, «Գարակէօզեան» հաստատութենէն Ռաքել Քեչեճեան յայտնեց, թէ տրուած ըլլալով, որ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը կը գործէ շրջանին մէջ եւ կը գործակցի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ, ինչպէս նաեւ` անոր բնակիչները կ՛օգտուին անոր ընձեռած ընկերային թէ բժշկական բարեսիրական ծառայութիւններէն` նպատակայարմար նկատուեցաւ, որ «Գարակէօզեան» հիմնարկը եւս ներկայ գտնուի եւ իր մասնակցութիւնը բերէ այս ձեռնարկին: «Մեզ ալ կը հետաքրքրէ այս նախաձեռնութիւնը, յատկապէս որ այս թաղերը պէտք ունին նման նախաձեռնութիւններու», ընդգծեց Քեչեճեան:

Այս առիթով «Գարակէօզեան» հաստատութեան հիւանդապահուհիներէն Նայիրի Ինճէեան եւ պրազիլցի ու քոլոմպիացի երկու այլ հիւանդապահուհիներ, տեղւոյն վրայ անվճար բժշկական եւ արեան գերճնշումի քննութիւն կատարեցին այցելուներուն` անոնց թելադրելով այցելել «Գարակէօզեան» հիմնարկ եւ օգտուիլ անոր ընձեռած ընկերաբժշկական ծառայութիւններէն` խորհրդանշական գիներով:

Ձեռնարկը տեւեց մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00: