image
Հրատապ լուրեր:

Ամառնային ճամբարներու հարցը պիտի վերանայուի.Արայիկ Յարութիւնեան

Ամառնային ճամբարներու   հարցը   պիտի վերանայուի.Արայիկ Յարութիւնեան

ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի (մարզանքի) նախարար՝ Արայիկ Յարութիւնեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ  յայտնած է, որ Կոտայքի մարզպետ՝ Ռոմանոս Պետրոսեանի, Արմաւիրի մարզպետ՝ Համբարձում Մաթեւոսեանի, Վայոց ձորի մարզպետ՝ Տրդատ Սարգսեանի, Գեղարքունիքի մարզպետ՝ Կնել Սանոսեանի, Արագածոտնի մարզպետ՝ Դաւիթ Գէորգեանի, իր օգնական Դաւիթ Դանիէլեանի հետ այցելած են քանի մը ճամբարներ, ուր ամառնային արձակուրդ կ'անցընեն 8-13 տարեկան երեխաներ:

«Նախորդ անգամ նկատուած թերութիւնները վերացուած էին: Բայց եւ այնպէս, ծրագրային առումով ճամբարային հանգիստի կազմակերպումը լուրջ վերատեսութեան կարիք ունի, որուն ձեռնարկած ենք»,- գրած է Արայիկ Յարութիւնեանը: