image

Փոքրիկ հերոս մը. Արգինա գիւղին մէջ 8-ամեայ Արմէնը փրկած է իրմէ մեծ պատանի մը (Լուսանկար)

Փոքրիկ հերոս մը. Արգինա գիւղին մէջ 8-ամեայ Արմէնը փրկած է իրմէ մեծ պատանի մը (Լուսանկար)

Արմաւիրի մարզի Արգինա գիւղին մէջ 8-ամեայ Արմէնը օգնած է` ջրանցքը ինկած իրմէ տարիքով մեծ երեխային, փրկած անոր խեղդուելէ: NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ 8-ամեայ Արմէնի մայրը` Ագապի Պետրոսեանը պատմած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է 16 յուլիսին, երբ երեխաները գացած են  «Մայր առու» կոչուող արագահոս ջրանցքը, խաղալու:

«Այնպէս եղած է, որ խաղալու ժամանակ երեխաներէն մէկը, որ Արմէնէն մեծ է քանի մը տարիով, մտած է գետը, միւսն ալ ըսած է, թէ եթէ չկարենաս լողալ մենք քեզի կը փրկենք, կը հանենք առուէն: Երեխան մտած է ջուրը, լողալ չգիտնալոգ եւ սկսած է խեղդուիլ, Արմէնը ինքզինք չէ կորսնցուցած, պարան մը գտած է, կապած է քարէն ու նետած ջրանցքը, որ երեխան բռնէ ու շատ բարձր պոռացեր է: Լաւ է, որ գոնէ մօտակայ այգիներուն մէջ աշխատողներ եղած են, եկած հասած են, երեխային փրկած են»,- պատմած է մայրը:

 8-ամեայ Արմէնը, սակայն, մօր խօսքով, դէպքէն ետք շատ վախցած է, հոգեբանական ծանր ապրումներ ունի, գիշերը անընդհատ տեղէն վեր կը թռի, իրեն կը թուի, թէ ընկերը կը խեղդուի:

Արմէնի մայրը, Ագապին ըսած է, որ ճիշդ է, երեխան ինքը անմիջապէս չէ հանած ջրանցքը ինկած երեխային, սակայն եթէ այդ պահին ճիշդ չկողմնորոշուէր, հնարաւոր է` դէպքը ողբերգական աւարտ ունենար: