image

Սուրիահայ աշակերտները իրազեկած են ականային վտանգներու մասին. Լուսանկարներ

Սուրիահայ աշակերտները իրազեկած են ականային վտանգներու մասին. Լուսանկարներ

Հալէպի մէջ ՀՀ մարդասիրական խումբի Ականային վտանգի իրազեկման եւ տուժածներու աջակցութեան բաժնի աւագ մասնագէտներ Աշոտ Փանոսեանն ու Մխիթար Հայրապետեանը  Հալէպի հայկական դպրոցներու աշակերտներուն համար Ականային վտանգի իրազեկման դասընթացներ իրականացուցած են, որուն շուրջ 80 աշակերտ եւ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ համայնքի այլ ներկայացուցիչներ  մասնակցած են: Այդ մասին կը տեղեկանանք  Հալէպի մէջ ՀՀ  մարդասիրական խումբի «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն»-էն: 

Կեդրոնի մասնագետները եւ ղեկավար կազմը խօսած են Հալէպ նահանգի վտանգուած եւ արդէն մաքրուած տարածքներու մասին, ներկայացուցած անվտանգ վարքագիծի կանոնները: