image

ՀՅԴ Պատանեկան ճամբարը կը շարունակուի Ստեփանակերտի մէջ

ՀՅԴ Պատանեկան ճամբարը կը շարունակուի  Ստեփանակերտի մէջ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան N2 հիմնական դպրոցին մէջ, 8 Յուլիսին ընթացք առած երկշաբաթեայ պատանեկան ճամբարը իր աշխատանքները կը շարունակէ։

«Արցախփրէս»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Մայքըլ Գոլոգոսեան ըսաւ, որ ճամբարին կը մասնակցին շուրջ 240 պատանիներ:

«Ճամբարը ամէն օր սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 10ին՝ Արցախի քայլերգով եւ կ՛աւարտի կէսօրէն ետք ժամը 4ին «Մշակ բանուոր» քայլերգով: Անիկա ունի յագեցած օրակարգ, որ հետաքրքրական եւ բովանդակալից կը դարձնէ արցախցի պատանիներու ամառնային առօրեան: Անոնց կարելիութիւն կը տրուի տարբեր դպրոցներու իրենց հասակակիցներուն հետ աւելի շատ յարաբերելու եւ նոր գաղափարներով կիսուելու: Այս ծիրին մէջ, կը կազմակերպուին ժամանցային զանազան խաղեր, պատանիները կը սորվին ազգագրական երգեր եւ պարեր, կը կատարուին ձեռային աշխատանքներ, կը բարելաւուի հայոց պատմութեան ու անգլերէնի իրենց իմացութիւնը եւ այլն: Ամերիկահայ եւ աւստրալահայ 19 խմբապետները կը փորձեն ուրախ եւ յիշարժան դարձնել ճամբարականներու առօրեան: Պատանիները բաժնուած են 3 խումբերու՝ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն, որոնց միջեւ տեղի կ՛ունենան զանազան մրցումներ-խաղեր: Այս ամիս նախատեսուած է նաեւ երկշաբաթեայ ճամբար մը կազմակերպել Ասկերանի մէջ: Մենք կարեւոր եւ անհրաժեշտ կը նկատենք պատանիներուն մօտ նման միջոցառումներու կազմակերպումը եւ վստահ ենք, որ անիկա պիտի ունենայ շարունակական բնոյթ», ըսաւ Մ. Գոլոգոսեան:

Ճամբարին մասնակցող Նարեկ Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչներուն՝ իրենց առօրեան յագեցած եւ բովանդակալից դարձնելու համար: «Մեծ հաճոյքով ու ոգեւորուածութեամբ եմ յաճախում ճամբար: Այստեղ ձեռք եմ բերել նոր ընկերներ, բարելաւել ունեցածս գիտելիքները, սովորել ազգային երգեր ու պարեր: Նման ճամբարները մեզ՝ պատանիներիս ոգեւորում եւ նոր լիցք են հաղորդում, որպէսզի մեր ունեցած ներուժը կենտրոնացնենք հայրենիքի հզօրացման ու բարգաւաճման գործում: Կը ցանկանայի, որ ծրագիրը կրի շարունակական բնոյթ եւ իմ բոլոր հասակակիցներն էլ հնարաւորութիւն ունենային մասնակցելու նման տպաւորիչ ու հետաքրքրութիւններով լի ճամբարին», յայտնեց ան։