image

Ապու Տհապիի թագուհին խոյս տուած է Սէուտական Արաբիոյ օգնութեամբ

Ապու Տհապիի  թագուհին խոյս  տուած է  Սէուտական Արաբիոյ օգնութեամբ

 Լրատուական  աղբիւրներ օրերս  աշխոյժ   ձեւով քննարկել սկսած են Ապու Տհապիի իշխանուհիին  փախուստի  դիմելու հարցը։ Այս մասին   եղած   լրատութեանց  համաձայն  եւ ըստ  Սէուտցի իշխանի մը, թէ  Ապու  Տապիի իշխանուհի՝ Հայա պընդ էլ Հուսայնի, որ խորթ քոյրն է Յորդանանի Թագաւոր Ապտալլային, փախուստի   դիմած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամմէտ պըն Սալմանի   օգնութեամբ։

  Իր կարգին դիւանագիտական աղբիւր մը հաղորդած է «Ալ  Ախպար»  պարբերականին,  թէ  Սէուտական    Արաբիոյ  գահաժառանգ      Մոհամմատ  Պըն Սալման իշխանը      օժանդակած է    թագուհիին   անոր   խօյս տալը կազմակերպելուն մէջ։

Աղբիւրը նաեւ  նշած է , թէ քանի մը օր առաջ, Յորդանանի թագաւորը այցելած էր Էմիրութիւններ եւ քանի մը ժամ տեւող հանդիպում մը ունեցած է Պըն Զայէտին հետ: Թագաւորի իր քրոջ ամուսնոյն՝Մուհամմետ պըն Ռաշետի  հետ չհանդիպելու  փաստը    մեծ    կասկածներ արթնցուցած էր  իշխող ընտանիքին     լուրերուն հետեւող   լրագրողներուն մօտ։