image

Երեւանի ելեկտրական համակարգը վերականգնուեցաւ

Երեւանի ելեկտրական համակարգը վերականգնուեցաւ

ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը յայտնած է, որ ելեկտրական համակարգի վիճակը արդէն կայուն է եւ յաճախականութեան տատանումներ այլեւս չկան:

Երեւան Ջէկը (ջերմաելեկտրակեդրոն) եւ Հրազդան Ջէկի 5րդ ուժանիւթի հատուածը միացած են ցանցին: Բոլոր սպառիչներու ելեկտրամատակարարումը վերականգնուած է:

 

Յիշեցնենք, որ երէկ, Երեւանի տարբեր վայրերու մէջ, ժամը 13:00-ին ելեկտրականութեան տատանումներ արձանագրուած էին: Ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն տեղեկացած են, որ գործող խմբերը կ'աշխատին մարդոց զանգուածային կուտակում ունեցող վայրերու մէջ՝ յատկապէս մեթրոյի մէջ:

Երեւանի մեթրոփոլիթէնը յայտնած էր, որ հոսանքի տատանումներու պատճառով մեթրոփոլիթէնի ամբողջ երկայնքով ելեկտրական մատակարարումը ընդհատուած  է:

ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է այս մասին, ուր նշած էր, թէ՝ «Հայաստանի ելեկտրաէներկեդիկական համակարգի մէջ տեղի ունեցած են յաճախականութեան տատանումներ, որու հետեւանքով աշխատած են արտադրող կայաններու պաշտպանական համակարգերը։ Սկիզբը անջատուած են Հրազդան ՋԷԿ-ի 5-րդ էներկապլոկը, այնուհետեւ Երեւանի ՋԷԿ-ը եւ աւելի փոքր արտադրողներ»։ 

Այս պահուն համակարգի յաճախականութեան տատանումներ չկան, կայունութիւնը վերականգնուած է։

ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխ նախարար Յակոբ Վարդանեանը  հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ որեւէ թեխնածին աղէտ տեղի չէ ունեցած, չի ալ ունենար: Վթարն ուղղակի խոշոր էր, ամենախոշորը 2013-էն ի վեր: Տատանումները եղած են մեծ, եւ այդ ազդած է ամբողջ ուժանիւթի համակարգի վրայ: