Այսօր Լոս Անճելոսի մէջ դարձեալ 7,1 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է։ Այս մասին կը յայտնէ CNBC կայանը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ստորգետնեայ ցնցումները զգացուած են Երեւանի ժամանակով 7։19-ին: Երկրաշարժի էփիկդրոնը գտնուած է Լոս Անճելոսէն 193 քմ հիւսիս, իսկ օճախը՝ 10 քմ խորութեան վրայ:
Շարք մը շինութիւններ թեթեւակի վնասուած են, հիմքերուն մէջ ճաքեր առաջացած են, որոշ յենասիւներ փլուզուած են: Կը հաղորդուի 1 տուժածի մասին:
Սա վերջին օրերուն այս տարածքին մէջ արդէն երկրորդ երկրաշարժն է:
Յիշեցնենք, որ երէկ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ 6,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է:
Երկրաշարժը բաւական հեռու է հայաբնակ շրջաններէ։