image

Արագածոտնի մարզպետը պարգեւատրած է սուրիահայ բժիշկը

Արագածոտնի մարզպետը պարգեւատրած է սուրիահայ բժիշկը

Բժիշկ, վիրաբոյժ, գիտութիւններու թեկնածու Բիւզանդ Քահքէճեանն իր ողջ կեանքը ապրած է Հալէպի մէջ: Մինչ 2012 թուականը Արագածոտնի մարզի Ծաղկահովիտ համայնքի մասին նոյնիսկ չէր ալ լսած:

Հալէպի մէջ գտնուող բժշկական դարմանատան մէջ աւելի քան 30 տարի աշխատած եւ մեծ յաջողութիւններու հասած վիրաբոյժը երբեւէ չէր կրնար պատկերացնել, որ արդէն հասուն տարիքին պիտի  տեղափոխուի Հայաստան եւ բնակութեան վայր ընտրէ Արագած լեռան փեշերուն գտնուող հեռաւոր գիւղ մը:

 

Սուրիոյ մէջ ծաւալած երկարատեւ պատերազմի ժամանակ շատերու պէս վտանգուեցաւ նաեւ անոր ընտանիքի կեանքը, հրթիռակոծուեցաւ նաեւ իր դարմանատունը, եւ ան այլեւս մտածելու այլ բան չունէր՝  թողեց տունն ու տեղը եւ տեղափոխուեցաւ Հայաստան։

 

«2012 թուականի ապրիլն էր: Այդ պահուն մենք այլեւս ոչ մէկ ճանապարհ ունէինք, մեր միակ ճանապարհը մեր տունն էր: Հայաստանէն բացի ուրիշ այլ տեղ մեզի ապահով չէինք պատկերացներ: Անմիջապէս նստեցանք մեքենան ու եկանք հայրենիք: Ուրիշ ո՞ւր երթայինք: Ընտանիքիս համար շատ դժուար էր, բայց հայրենիքը մեզի այնքան ջերմութեամբ ընդունեց, որ Հայաստանը դարձաւ մեր տունը: Ես պատրաստ եմ իմ կարիքը ունեցող ցանկացած մարդու օգնել, որ առողջանայ: Ես կուզեմ օգնել հայերուն իմ մասնագիտութեամբ»,- կը պատմէ Բիւզանդը եւ կաւելցնէ, որ հայրենիքի մէջ ընտրած է առաջին իսկ հնարաւոր բնակավայրը:

 

Երբեւէ չլսուած գիւղը առանց վարանելու ընտրած է եւ որոշած բնակութիւն հաստատել այնտեղ։ 2012 թուականէն կաշխատի Ծաղկահովտի բժշկական կեդրոնին մէջ, ուր իր մասնագիտութեան կարիքը վաղուց կը զգային։ Բնակարանի հարցն ալ հեշտութեամբ լուծուած է՝ բազմաբնակարան շէնքերէն մէկուն մէջ պետութիւնը տուն յատկացուցած է, եւ կեանքը աստիճանաբար հունի մէջ մտած։ Սիրած աշխատանքով կրցած է օգտակար ըլլալ բնակիչներուն, սիրուած ու յարգուած անոնց կողմէ։ Հիմա արդէն Ծաղկահովիտ խոշորացուած համայնքի բնակավայրերուն մէջ բոլորը անոր լաւ կը ճանչնան, առողջական խնդիրները լուծելու, վիրահատութիւններ կատարելու համար անվարան կը դիմեն իրեն՝ բժիշկ Բիւզանդին։

 

Անոր կատարած աշխատանքը նկատած ու գնահատած է առողջութեան կեդրոնի ու մարզի ղեկավարութիւնը։ Եւ պատահական չէ, որ մասնագիտական տօնի առթիւ բազմաթիւ շնորհաւորանքներու հետ մէկտեղ ՀՀ Արագածոտնի մարզպետ Դաւիթ Գէորգեանը բժիշկ Բիւզանդին յանձնած է պատուոգիր։

 

Արագածոտնի մարզպետարան