image

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է Մահաթմա Կանտիի յիշատակին նուիրուած քայլերթի կազմակերպիչները

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունած է Մահաթմա Կանտիի յիշատակին նուիրուած քայլերթի կազմակերպիչները

Յուլիս 2-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Մահաթմա Կանտիի յիշատակին նուիրուած` «Շարժելով դէպի ազատութիւն եւ խաղաղութիւն», քայլերթի կազմապերպիչներ Փութան Վէեթիլ Ռաջագոփալանը, Աշոկ Սաճանհարը եւ Ճիկ Քար-Հարրիսը՝ ուղեկցութեամբ «Կանտի» հիմնադրամի հայաստանեան ներկայացուցիչ Արսէն Խառատեանի:

Հիւրերը Հայոց Հայրապետին ներկայացուցած են քայլարշաւի հիմնական գաղափարները եւ նպատակները՝ կարեւորելով կրօններու գործակցութիւնը մարդկութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ խաղաղ ու բարօր աշխարհի կերտման գործին մէջ: Տիար Աշոկ Սաճանհարին Նորին Սրբութեան տեղեկացուցած է, որ Տելիէն մինչեւ Ժընեւ կազմակերպուող մէկամեայ քայլերթը պիտի անցնի նաեւ Հայաստանով ու Արցախով: 

Զրոյցի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ողջունած է խաղաղութեան եւ ազատութեան գաղափարներու տարածման նուիրուած քայլերթի նախաձեռնութիւնը՝ արձանագրելով, որ այդ գաղափարները դարեր շարունակ ուղեկցած են հայ ժողովուրդին, Հայոց Եկեղեցւոյ կողմէ հնչեցուած է` իբրեւ ամենօրեայ աղօթք ու մաղթանք:

Նորին Սրբութիւնը ընդգծած է նաեւ, որ համամարդկային այդ արժէքները առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունին հայոց ազգի համար, քանի որ ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այնպէս եւ այսօր հայ ժողովուրդը կը պայքարի խաղաղ եւ ազատ ապրելու իր իրաւունքի պաշտպանութեան համար: Այս առնչութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մասնաւորապէս անդրադարձ կատարած է ղարաբաղեան հակամարտութեան եւ անոր խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած հոգեւոր առաջնորդներու եւ միջազգային հանրութեան ջանքերուն` յոյս յայտնելով, որ նման խաղաղասիրական նախաձեռնութիւնները եւս իրենց նպաստը կը բերեն աշխարհի եւ յատկապէս մեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:

Հանդիպման անդրադարձ կատարուած է Հնդկաստանի հայ համայնքին, հնդկահայոց հոգեւոր ժառանգութեան եւ անոր կարեւոր ներդրման երկրի կեանքին մէջ եւ հայ-հնդկական կապերու ամրապնդման գործին:

Աւարտին Նորին Սրբութիւնը բարեյաջող առաքելութեան իր բարեմաղթանքներն ու զօրակցութիւնը փոխանցած է քայլարշաւի կազմակերպիչներուն: