image

Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջոցառում Լիոնի մէջ

Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջոցառում Լիոնի մէջ

22 Յունիսին Լիոնի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ հիւպատոսարանէն ներս տեղի ունեցած է միջոցառում՝ նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին: Միջոցառման ներկայ եղած են Լիոնի մէջ հայկական կրթական կեդրոններու սաներն ու ուսուցիչները, ֆրանսահայ կառոյցներու անդամներ եւ այլ հիւրեր:

Գլխաւոր հիւպատոսութեան երկրորդ քարտուղար Գայիանէ Մանուկեանը, ողջունելով հիւրերը եւ կարեւորելով օրուայ խորհուրդը, իր խօսքին մէջ նշած է, որ 1869-ը հայ ժողովուրդին պարգեւեց երկու հանճարներ, որոնց անգնահատելի մեծութիւնը հայ բանաստեղծութեան եւ երաժշտարուեստի մէջ մէկուկէս դար անց ալ ներկայ է։ 

Սաթէ-Աթրէ (Saté-Atre) թատերախմբի ղեկավար Սաթենիկ Խաչատրեանը ներկայացուցած է Կոմիտասի եւ Թումանեանի կեանքի լաւագոյն դրուագները, ինչպէս նաեւ երկու հանճարներու ստեղծագործութիւններու կարեւորութիւնն ու ներկայութիւնը հայ մշակոյթին մէջ:

Երեկոյի ընթացքին ցուցադրուած են Կոմիտասի եւ Թումանեանի կեանքի ու ստեղծագործութեան վերաբերեալ պաստառներ, ինչպէս նաեւ Սաթէ-Աթրէ թատերախումբի կողմէ ներկայացուած է Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու հիման վրայ երաժշտական բեմականացում:

Միջոցառման աւարտին երեխաներուն հիւպատոսութեան կողմէ տրամադրուած են Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութիւններու վերաբերեալ գրքոյկներ: