image

Աշխարհահռչակ Ֆութպոլիստ Միշէլ Փլաթինի ձերբակալուած

Աշխարհահռչակ Ֆութպոլիստ Միշէլ Փլաթինի  ձերբակալուած

Ֆրանսացի աշխարհահռչակ ֆութպոլի  աստղ Միշէլ Փլաթինի այս առաւօտ ձերբակալուած է։  Այս մասին լուրը հաղորդեց Sky News Arabic կայանը։

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ UEFA-ի նախկին նախագահը ձերբակալուած է հարցաքննութեան ներկայանալու նպատակով։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ 80-ական տարիներուն Ֆութպոլի աշխարհին մէջ համաշխարհային աստղի հռչակի տիրացած Միշէլ Փլաթինի կը մեղադրուի 2022 թուականին  FIFA-ի ախոյեանութիւնը  Քաթարի մէջ կայացնելու խնդրով։

Աղբիւրը այս առումով անուններ չի տար, սակայն կը յայտնէ, որ Ֆութպոլի աշխարհին մէջ տիրական անուն հանդիսացող տասնեակ գործիչներ եւ  մարզիկներ կը մեղադրուին  Քաթարի իշխանութիւններէն մեծագումար կաշառք ստանալու մէջ: