image

Խարկովի մէջ 18-ամեայ հայ երիտասարդը նետած են պատուհանէն. Կասկածեալը ատրպէյճանցի է

Խարկովի մէջ 18-ամեայ հայ երիտասարդը նետած են պատուհանէն. Կասկածեալը ատրպէյճանցի է

Ուքրանիոյ Խարկովի Մարզական պետական համալսարանի ուսանող հայազգի Արթուր Մարտիրոսեանը ուսանողական հանրակացարանին մէջ տեղի ունեցած դէպքէն ետք հիւանդանոց տեղափոխուած է, կը գրէ ХарківTimes-ը:


Տասնութամեայ Արթուրը, որ կը զբաղուի ըմբշամարտով, սամպոյով եւ Ճիւտոյով, հանրակացարանին մէջ ընկերացած է նոյն սենեակին մէջ բնակող ատրպէյճանցի ուսանողի հետ, որ անոր իրեն մօտ այլ ատրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ փիքնիքի հրաւիրած է:

Արթուրին հայրը՝ Սերգօն, պատմած է, որ փիքնիքի ժամանակ Արթուրը վատ զգացած է, գացած է իր սենեակ: Շուտով անոր ինքնազգացողութեան մասին տեղեկանալու պատրուակով անոր սենեակ մտած են փիքնիքին անոր հետ եղած ուսանողները: Սկսած են սենեակին մէջ ինչ-որ պայուսակներ ու անձնագրեր տեղադրել: Արթուրը հասկացած է, եր իր դէմ թակարդ կը լարեն եւ  ենթադրած, որ կը փորձեն իր մօտ թմրանիւթ դնել: Ան ձեւացուցած է,  թէ իբր չի հասկանար ինչ կ'ըլլայ: 

Հազիւ Արթուրի նոր ծանօթները հեռացած են, ան կղպած է դուռը եւ սկսած պատուհանէն դուրս նետել անոնց թողած իրերը: Երեւի՝ տեսնելով այդ, երիտասարդները վերադարձած են, կոտրած են դուռը եւ ծեծի ենթարկած անոր:  Արթուրը յաջողած է մօտենալ բաց պատուհանին եւ օգնութիւն կանչել, եւ ճիշդ այդ ժամանակ ալ անոր դուրս նետած են:

Վար իյնալէ ետք Արթուրը հրաշքով ողջ մնացած է: Ան սողալով հասած է մօտակայ ինքնաշարժի կայանատեղին, որու պահակը ոստիկանութեան ահազանգած է:

Ուսանողը հիւանդանոց տեղափոխուած է, անոր մօտ կոնք-ազդրային ոսկորի եւ կոնքոսկրերու կոտրուածքներ յայտնաբերուած են: 

Սերգօ Մարտիրոսեանի խօսքով՝ չարագործները, իմանալով, որ իրենց ընտանիքը ունեւոր է, այդ կերպ փորձած են գումար շորթել իր տղայէն: