image
Հրատապ լուրեր:

Մահացած է պոլսահայ համայնքային գործիչ Հայկ Նշանը

Մահացած է պոլսահայ համայնքային գործիչ Հայկ Նշանը

Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ հանրայայտ հասարակական գործիչ Հայկ Նշնաը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»ը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Տիարպէքիրի մէջ ծնած եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ աշակերտութեան տարիներուն իր ինքնութիւնը գտած եւ համալսարանական ուսումէն վերջ ալ կրթական ասպարէզի նուիրուած անմոռանալի անուն մըն էր Հայկ Նշան։ Շուրջ երեսուն տարի ան որպէս տնօրէն ծառայած էր Սուրբ Խաչ դպրենքի մէջ եւ իր տնօրէնութեան շրջանը կը զուգադիպէր այն տարիներուն, երբ հաստատութիւնը վարչական գետնի վրայ լուրջ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէր։ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն ըլլալու առընթեր, Հայկ Նշան ընդհանրապէս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր պոլսահայ կրթական համակարգի վերաբերեալ վարչակազմակերպչական գործերու մէջ։

Վերջին տարիներուն թէեւ Դպրեվանքի տնօրէնի պաշտօնէն կոչուած էր հանգստեան, սակայն ան կը շարունակէր ի սպաս դնել իր փորձառութիւնը։ Դժբախտաբար վրայ հասած անողոք հիւանդութիւնը հունէ դուրս բերաւ Հայկ Նշանի կեանքի բնականոն ընթացքը։ Ան ամիսներէ ի վեր կը գտնուէր հիւանդանոցի մէջ, խտացեալ խնամքի տակ։ Բժիշկներուն կողմէ ցուցաբերուած մասնագիտական խնամքը, իր ընտանիքին կողմէ ներդրուած բարոյական զօրակցութիւնը դժբախտաբար անբաւարար մնացին եւ ան այս առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր սիրելիները։