image

Շնորհահանդէս «The Armenian Genocide: Prelude And Aftermath» մատենաշարի

Շնորհահանդէս  «The Armenian Genocide: Prelude And Aftermath» մատենաշարի

Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան միաբան Հ. Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեանի եւ աւստրիալիահայ Դոկտ. Արա Քեթիպեանի համահեղինակութեամբ «THE ARMENIAN GENOCIDE: Prelude and Aftermath» մատենաշարէ լոյս ընծայուած հինգ հատորներու շնորհահանդէս, կազմակերպութեամբ Մխիթարեան Միաբանութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին, եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի եւ Արժանթինի հիւպատոսներուն, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունիի եւ Յակոբ Թերզեանի, ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաքի, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, Ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի ներկայացուցիչներու, բարձրաստիճան զինուորականներու, քաղաքապետական խորհուրդներու, լիբանանեան երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու, լիբանանահայ միութիւններու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու եւ այլ հիւրերու:

 

Հայերէն բացման խօսքին մէջ Լիւսի Տէօքմէճեան, անդրադառնալէ ետք Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին աշխարհը ցնցած Հայոց Ցեղասպանութեան ողբերգութեան, կեդրոնանալով լոյս տեսած հինգ հատորներուն վրայ ըսաւ. «Հայասպանութեան նախորդող եւ յաջորդող ժամանակահատուածին` 1890-1922 թուականներուն, ամերիկեան կարեւորագոյն օրաթերթերէն` «Տը Նիւ Եորք Թայմզ»-ի, «Տը Պոսթըն Տէյլի Կլոպ»-ի եւ «Տը Քրիշչըն Սայընս Մոնիթըր»-ի մէջ լոյս տեսած վերնագիրներու եւ տեղեկագիրներու ծաւալուն ընտրանիներ են մեր այսօրուան շնորհահանդէսին տուն տուող հաստափոր հինգ հատորները, որոնք կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան արմատներուն, մահառիթ արարքներուն ու մնայուն հետեւանքներուն»:

Ապա, անգլերէն խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Քարամեան: Ան հաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն  շուրջ դար մը ետք, մեր պարտաւորութիւնն է յիշել պատմութիւնը եւ դասաւանդել զայն ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն` զանոնք քաջատեղեակ դարձնելով անարդարութեան, ցաւի ու հալածանքի այդ ժամանակաշրջանին մասին:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին անունով անգլերէնով խօսք առաւ Դոկտ. Քրիստին Արզումանեան Ղազարեան: Դոկտ. Ղազարեան ներկայացուց ՄԱԿ-ի կողմէ ցեղասպանութիւն եզրին սահմանումը, ապա, անդրադառնալով Թուրքիոյ մինչ օրս որդեգրած ժխտողական քաղաքականութեան, ան դիտել տուաւ, որ «Թուրքիա 1923-էն ցայսօր, ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, ստիպուած կ՛ուրանայ մինչեւ 1923 իր իսկ ինքնութիւնը, արմատներն ու ապրելակերպը»: Ան համառօտ կերպով յիշեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրները, կառավարութիւնները, խորհրդարաններն ու Ամերիկայի 50 նահանգներէն 49-ը` բացատրելով, որ Թուրքիա կ'ենթարկուի մեկուսացման, ամէն անգամ, երբ երկիր մը կը ճանչնայ ու կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Դոկտ. Ղազարեան հաստատեց, որ միայն քաղաքական շահեր կրնան արգիլել որոշ երկիրներ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալէ:

Սիլվա Կապուտիկեանի «Մտորումներ Ճանապարհի Կէսին» ասմունքով հանդէս եկաւ Անի Սարաֆեան Եփրեմեան:

Յակոբ Քարամեան ներկայացուց Դոկտ. Արա Քեթիպեանի, հայր Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեանի ու Դոկտ. Արա Սանճեանի հակիրճ կենսագրականները, ապա խօսք առաւ օրուան բանախօս, Միշիկըն համալսարան- Տիրպոռնի Հայագիտական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի վարիչ Դոկտ Արա Սանճեան:

Դոկտ. Սանճեան ներկայացուց հինգ հատորները` անդրադառնալով անոնց վաւերագրական հսկայական արժէքին: Ան դիտել տուաւ ներկաներուն, որ համահեղինակները հսկայական գործ տարած են այս հինգ հատորները պատրաստելու համար: Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան` ան հաստատեց, որ Հրեաներու ողջակիզումէն ետք, Հայոց Ցեղասպանութիւնը երկրորդ ամէնէն ճանչցուած ցեղասպանութիւնն է: Ու խօսելով Ողջակիզման ու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամերիկեան թերթերու անդրադարձներուն ու լուրերուն մասին, ան բացատրեց, թէ օրին, Ողջակիզումի լուրերուն տրուած է աւելի լայն տարածք, քան Հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ 1895-96-ի հայկական ջարդերուն մասին լուրերը աւելի էին քանակով, քան Հայոց ցեղասպանութեան հետ առնչուած լուրերը, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին թերթերը զբաղած էին Համաշխարհային Ա. պատերազմի լուրերով:

Դոկտ. Սանճեան հաստատեց, որ երբ անձ մը պատմութիւն մը գրէ քաղաքականութենէ ազդուած, այդ աշխատանքը կը մատնուի ձախողութեան:

Ան իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, թէ հեղինակուած ու լոյս տեսած 5 հատորները ունին այնպիսի յատկութիւն մը, ուր արծարծուած նիւթերն ու փաստերը խթան կը հանդիսանան նոր ուսումնասիրութիւններ կատարելու:

Խօսքերու աւարտին, Գօգօ Արոյեան հանդէս եկաւ «Լեռներ Հայրենի» ու «Բարի Արագիլ» երգերով:

Մխիթարեան Միաբանութեան շնորհակալական խօսքը անգլերէնով ուղղեց Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սիւլահեան` մեծաւոր Միջին Արեւելքի Մխիթարեան միաբաններու: Ան ներկաներուն հաստատեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն հայ ժողովուրդին պատկանող դատ չէ, այլ համաշխարհային ու համամարդկային դատ: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդի զաւակները աշխարհով մէկ կ'աշխատին կանխարգիլել մարդկութեան հաշուոյն անարդարութիւններ ու ոճիրներ` պահանջելով մարդկային իրաւանց արդարութիւն, միանգամայն յարգելով  յիշատակը անոնց, որոնք  դաժանօրէն սպաննուեցան: Ան ըսաւ, որ աշխատանքի ճանապարհը երկար է այս առնչութեամբ, սակայն  անպայման օր մը պիտի հասնինք արդարութեան:

Իր խօսքի աւարտին, Սիւլահեան վարդապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, յայտարարելով, որ մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ այլ գիրքի մը շնորհահանդէսը, համահեղինակութեամբ տէր եւ տիկին Կիւրիւնլեաններու:

 

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ»-ի յաղթերգով: