image
Հրատապ լուրեր:

Փարիզ. Մատուցուեցաւ Նոթր Տամի հրդեհէն ետք առաջին պատարագը

Փարիզ. Մատուցուեցաւ Նոթր Տամի հրդեհէն ետք առաջին պատարագը

Փարիզի Աստուածամօր տաճարի կործանարար հրդեհէն ետք առաջին պատարագը մատուցուեցաւ երէկ: Ինչպէս կը հաղորդէ DW-ն, պատարագը տաճարին մէջ մեկնարկած է տեղի ժամանակով 18:00 (երեւանեան 20:00):

Կը նշուի, որ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով՝ պատարագին մասնակցելու հասանելիութիւնը սահմանափակ եղած է: Փարիզեան թեմի արքեպիսկոպոս Ֆիլիփ Մարսէն աւելի վաղ տեղեկացուցած էր պատարագին ներկայ եղողները պէտք է պաշտպանիչ սաղաւարտներ կրեն:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ պատարագի ժամանակ լուսաւորուած է տաճարի խորանը: