image
Հրատապ լուրեր:

Ալան Տըլոն տեղափոխուած է հիւանդանոց

Ալան  Տըլոն տեղափոխուած է հիւանդանոց

Հանրաճանաչ ֆրանսացի դերասան Ալան Տըլոնը տեղափոխուած է ամերիկեան հիւանդանոց փարիզեան արուարձան Նեյի սիւր Սէնի մէջ միկրէնի նոպայի պատճառով, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը՝ յղում կատարելով BFM հեռուստաալիքին:

83-ամեայ դերասանի մտերիմները հաւաստիացուցած են, որ ան լաւ է եւ  դուրս պիտի գայ բուժհաստատութենէն 14 յունիսի երեկոյեան: «Ան պարզապէս կը հետազօտուի»,-հեռուստաալիքը մէջբերած է անոր օգնականի խօսքերը: Յաճախակի դարձած գլխացաւերու պատճառներէն մէկը, ըստ բժիշկներու, սրտի զարկերու տատանումն է (առիթմիա):

2017 թուականին Ալան Տըլոնը յայտարարած էր շարժանկարի իր դերասանական ասպարէզի աւարտի մասին: Ան նկարահանուած է աւելի քան 90 ֆիլմերու մէջ: Մայիսին կայացած Քաննի կինօփառատօնի ժամանակ ան պարգեւատրուած է պատուաւոր «Ոսկէ արմաւենիի ճիւղ»ով  ականաւոր գործունէութեան համար: