image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկահայ պատանիները կամաւորական աշխատանք կը կատարեն Երեւանի մէջ

Ամերիկահայ պատանիները կամաւորական աշխատանք կը կատարեն Երեւանի մէջ

Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոնը 13 յունիսին հիւրընկալեց Լոս Անճելըսի Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան հայկական վարժարանի աւարտական դասարանի խումբ մը աշակերտներ: Սփիւռքահայ պատանիները վերականգնողական կեդրոնին մէջ բուժուող զինուորներուն նուիրեցին 11 համակարգիչ:

Սփիւռքահայ աշակերտները կամաւոր աշխատանքով պիտի օգնեն բարելաւել կեդրոնին մէջ բուժուող զինուորներուն խօսակցական անգլերէնը:

Նշենք, որ վերջին վեց տարիներին վարժարանի սաները Հայաստան կ՚այցելեն կամաւոր աշխատանք կատարելու կամ որևէ բնագաւառի մէջ վերապատրաստուելու նպատակով:

Այս տարի աշակերտներուն մէկ մասը կամաւորական աշխատանքպիտի կատարէ Երևանի պետական բժշկական համալսարան «Մուրացան» հիւանդանոցին մէջ:

Մարի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աւարտական դասարանի 36 աշակերտները Հայաստան պիտ ըլլան Յունիս 4-27-ը, և իրենց առօրեային մէկ մասը պիտի նուիրեն բուժուող զինոուորներուն, ինչպէս նաև համալսարանական հիւանդանոցին: