image

Մահացած է Երուսաղէմի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավարը

Մահացած է Երուսաղէմի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավարը
Մահացած է ՀՅԴ անդամ, Երուսաղէմի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Ժորժեթ Աւագեանը: Ան  Իսրայէլի մէջ տարիներ շարունակ պայքարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման համար, ելոյթներ ունեցած է Քնեսեթի մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումներու ժամանակ, հրատարակած է գիրքեր: Ժորժեթ Աւագեանը նաեւ հայաստանամէտ գործունէութիւն ունեցած է՝ 1988-էն մինչեւ իր մահը՝ տարբեր ծրագիրներ իրականացնելով Հայաստանի մէջ: 

Երուսաղէմէն կը տեղեկանանք, որ հոգեհանգստեան արարողութիւնը պիտի կատարուի 14 յունիսին՝ Ռամի մէջ, Յունաց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ժամը 16:00-ին: