image
Հրատապ լուրեր:

Բերիոյ Թեմի նորընտիր Առաջնորդը Հալէպ ժամանեց

Բերիոյ Թեմի նորընտիր Առաջնորդը Հալէպ ժամանեց

Երեքշաբթի, 11 յունիս 2019-ին, Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները Պէյրութի մէջ դիմաւորեցին Բերիոյ հայոց թեմի ընտրեալ առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանը, իսկ չորեքշաբթի օր առաջնորդին հետ միասին ուղեւորուեցան դէպի Սուրիա:

Սուրիական սահմանին վրայ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը դիմաւորուեցաւ թեմի Գործադիր իշխանութեան` Ազգային կրօնական ժողովին եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն, իսկ Հալէպի մուտքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ Հրաչ Յակոբեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի անդամ Կարօ Իւզպաշեանի եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Նորընտիր առաջնորդը այնուհետեւ հասաւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր ծափողջոյններով, եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջներով, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄՄ-ի շեփորախումբերուն հնչեցուցած երգերով դիմաւորուեցաւ ազգային մարմիններու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, Հայ աւետարանական եւ կաթողիկէ համանքապետներու ներկայացուցիչներուն, քրիստոնեայ համայնքապետներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ: