image

Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Ֆրէզնոյի Լիբանանի հիւպատոս Հէրի Նաճարեանը

Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց  Ֆրէզնոյի Լիբանանի հիւպատոս Հէրի Նաճարեանը

Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2019-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրէզնոյի Լիբանանի հիւպատոս Հէրի Նաճարեանին: Հիւպատոսը Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց, որպէս պատւոյ հիւպատոս, իր կատարած աշխատանքներուն մասին, մասնաւորաբար Ֆրէզնոյի եւ Այնճարի միջեւ գործակցութիւն հաստատելու գծով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Գալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած կարգ մը երեւոյթներու եւ զարգացումներու մասին:

 

Յայտնենք, որ Հէրի Նաճարեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Գալիֆորնիոյ հայութեան համայնքային կառոյցներու ու յատկապէս Հ.Մ.ԸՄ.ի աշխատանքներուն: