image

Մովսէս Աբէլեան նշանակուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ

Մովսէս Աբէլեան նշանակուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ Մովսէս Աբէլեանը նշանակած է Գլխաւոր ասամպլէայի եւ համաժողովներու կառավարման հարցերով Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ այդ պաշտօնին Մովսէս Աբէլեան պիտի փոխարինէ Քեթրին Փպլարտին, որ նշանակուած է կառավարման ռազմավարութեան, քաղաքականութեան հարցերով Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալի պաշտօնին:

Մովսէս Աբէլեան  2016-ին նշանակուած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի եւ խորհրդաժողովներու կառավարման վարչութեան հարցերով գլխաւոր քարտուղարի փոխտեղակալ: Մինչ այս պաշտօնը ստանձնելը, ան կը զբաղեցնէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի հարցերով բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը:

Ան ունի խաղաղութեան, անվտանգութեան, հակամարտութիւններու կարգաւորման բնագաւառներին մէջ գործունէութեան 25-ամեայ փորձ, ղեկավարած է Գլխաւոր ասամպլէայի, Անվտանգութեան խորհուրդի եւ ծրագիրներու ու հիմնադրամներու Գործադիր խորհուրդներու ծիրէն ներս շարք մը գործընթացներ:

Աբէլեան նաեւ ունի կառավարման ոլորտին մէջ մեծ փորձ, ներառեալ ծրագիրներու եւ ամավարկի ծրագրաւորման: Նախապէս զբաղեցուցած  է Գլխաւոր ասամպլէայի Վարչական ու պիւտճետային հարցերով կոմիտէի (5-րդ կոմիտէ) եւ Ծրագիրներու ու համակարգման հարցերով կոմիտէի քարտուղարի պաշտօնները:

1998-2003 թուականներուն եղած է ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը, իսկ մինչ այդ` մշտական ներկայացուցիչի տեղակալը: Մինչ դիւանագիտական ծառայութեան անցնիլը, դասախօսած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:

Ան կրթութիւն ստացած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ամուսնացած է, ունի երկու երեխայ: