image

Սոչիի մէջ արկած. Հայ երիտասարդուհի մը տուժածներուն մէջ (Տեսանիւթ)

Սոչիի մէջ արկած. Հայ  երիտասարդուհի մը տուժածներուն մէջ (Տեսանիւթ)

Ռուսաստանի Դաշնութեան Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է վթար, որու հետեւանքով տուժած է 1993-ի ծնունդ, ազգութեամբ հայ աղջիկ մը: Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեանը:

Համացանցի մէջ հրապարակուած են Սոչիի մէջ զբօսաշրջային հանրակառքի բախումէն ետք առնուած առաջին քատրերը, որոնց մէջ կ'երեւայ, թէ ինչպէս վիրաւորները դուրս կը բերեն շրջուած հանրակառքէն եւ կը տեղափոխեն խոտածածկի վրայ՝ սպասելով շտապ օգնութեան ժամանման:
 Ինչպէս կը գրէ Life.ru-ն, տուժածներուն մեծ մասին մօտ կապտուկներ եւ վնասուածքներ կան, սակայն կան նաեւ քանի մը լուրջ վնասուածք ստացածներ: 


Ընդհանուր 26 մարդ տուժած է, որոնց շարքին՝ 3 երեխայ: Անոնցմէ 23-ը հիւանդանոց տեղափոխուած են: 

Կը նշուի, որ Mercedes-Benz-ի 48-ամեայ վարորդը չէ զիջած Yutong հանրակառքին եւ դուրս եկած է խաչմերուկ, ինչէն ետք տեղի ունեցած է վթարը: