image

Երեւան-Վան թռիչք իրականացուած է

Երեւան-Վան թռիչք իրականացուած է

«Հրապարակ» թերթը կը գրէ. «Հայաստանէն առաջին անգամ պատմութեան մէջ Երեւան-Վան թռիչք կայացած է։ Թռիչքը տեւած է 35 վայրկեան, վրացական օդանաւով։ 30 Մայիսին Համահայկական խաղերու պատուիրակութիւնը այս թռիչքով մեկնած է Արեւմտեան Հայաստան՝ 6 օգոստոսին բացուելիք խաղերու ջահը Մուսայ լերան գագաթին վառելու։

Պատուիրակութեան ղեկավար, Համահայկական խաղերու կազմկոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի ղեկավարած պատուիրակութեան ընդունած են Վանի քաղաքապետերը (վերջին ընտրութիւններուն այս քաղաքներուն մէջ զոյգ քաղաքապետեր ընտրուած են՝ կին եւ տղամարդ, հիմնական քրտական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ)։ Հանդիպման ժամանակ քաղաքապետերուն Զաքարեանը հրաւիրած է ներկայ գտնուելու խաղերու բացման Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ քննարկած են Երեւան-Վան կանոնաւոր թռիչք կազմակերպելու հարցը»: